Posts

«Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին.- ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի ժամանակակից գրականութեան հարցը»

Հետաքրքրական է որ, այս գրութիւնը, արեւմտահայերէն լեզուին կենսունակութեան մարտահրաւէր - սպառնալիք մը, ցարդ տեղ չէ գտած արեւմտահայ մամլոյ մէջ. բնագիրը անգլերէն է, թարգմանաբար տեսնելով ֆրանսալեզու եւ արեւելահայ լրատուութեան մէջ, որոշեցի ես ինքս թարգմանել յուսալով, որ արեւմտահայ մամլոյ մէջ պիտի հրատարակուի։ Եթէ սխալներ կան՝ ներող եղէք. ո՛չ հայագէտ եւ ո՛չ թարգմանիչ եմ։ Պարզապէս արեւմտահայ լեզուին ապագայով մտահոգ սփիւռքահայ մըն եմ. մաղթեմ այս աշխատանքը խնդրին քննարկման սկիզբ մը կ'ըլլայ։ Պ.Տ. «Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին.- ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի ժամանակակից գրականութեան հարցը» Դալար Շահինեան ( Western Armenian in Peril: UNESCO’s Recognition and the Question of Contemporary Literature in the Exilic Language ) Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են « Critics Forum »-ի, 2010. Այս տարուան (2010, թրգմ.) փետրուարին՝ արեւմտահայերէնը ներառուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ելեկտրոնային աթլաս»-ին ( UNESCO online Atlas of World Languages in Danger )[1] մէջ, վտանգուածութե

Պարոն Յովսէփ Նալպանտեանի «Մեր անընդունելի «հայկական» մականունները» գրութեան առթիւ

Կարդալով պարոն Յ. Նալպանտեանի գրութիւնը «Ազատ Հայ»ի ելեկտրոնային էջերուն մէջ ( http://www.azad-hye.net/article/article_view.asp?re=884laz16 ), ճիշդ հակառակ կարծիքը կ’ուզեմ յայտնել, թէ ինչո՞ւ պէտք չէ մեր մականունները հայացնել, երբ գրած է « մանաւանդ երբ կը խօսինք մեր ազգային դիմագիծի կամ պատկանելիութեան պահպանման ու զարգացման վերաբերող որեւիցէ յոյժ կարեւոր հարցի մը շուրջ »։ Մեր օսմանեան, ռուսական կամ պարսկական ծագումով մականունները անմիջականօրէն առնչուած են մեր պատմութեան հետ, իւրաքանչիւր մականուն, ազգանուն, կենդանի պատմութիւն մը, վաւերագրական մըն է հայ ժողովուրդին համար։ Պիտի ուզէի իմանալ պարոն Նալպանտեանի ապրած երկրին մէջ, իր ոչ հայ շրջանակէն ներս, ներկայիս քանի՞ն իր նախնիներէն եկող մականունին ասպարէզին մէջ է։ Գրելով « Բայց մենք, որպէս Եղեռնի յաջորդող երրորդ եւ չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչներ՝ արդեօք կ՛աշխատի՞նք նոյն գործը, որով կը կոչուէին մեր մեծ նախահայրերը »։ Արդեօ՞ք իւրաքանչիւր համալսարանական, հայ կամ ոչ, իր առաջին գործին հետ, իր հօրմէ ստացած մականունն ալ պէտք է փոխէ, կամ գործի

«ՉԱՐԱՇՈՒՔ ԳԻՇԵՐԸ»

« 1915 ապրիլի 11 շաբաթ, իրիկուան դէմ, Սարգիս Էֆէնտի Գօչունեան խմբագիրներու սենեակը մտնելով ըսաւ. - Տղաք, դաշնակցականները կը ձերբակալեն կոր եղեր... -Ով ձերբակալած են,- հարցուցինք: -Տպարանատէր Արամ Շահէնը, գրավաճառ Ստեփան Քիւրքչեանը, Հրաչը, յետոյ ուրիշ մէկ քանիներ, որոնց անունը չկրցայ իմանալ: -Պատճառը ինչ է արդեօք: -Իբր թե Գարեգին Փաստրմաճեանը հինգ հարիւր ձիաւորներով Էրզրում մտեր ու քաղաքին տիրեր է ու այս լուրը հոս հասնելուն` որոշեր են դաշնակցակնները ձերբակալել: Լուրը այնքան անհաւատալի էր, որ կարեւորութիւն չտուինք: Իսկ գալով ձերբակալուածներուն` ենթադրեցինք, որ անհատական խնդրի մը համար տարուած են ոստիկանատուն: Իրիկունը երբ մեկնեցայ խմբագրատունէն, մէկ քանի բարեկամներուս հարցուցի թէ իմացած էին այդ ձերբակալությունները »... Սոյն հատուածը առնուած է Երուանդ Օտեանի «Չարաշուք գիշերը» գործէն, ուր ան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ ապրիլ 24, 1915-ի եւ անոր յաջորդած մի քանի օրերը։ Հատուածը քաղուած է «http://gevorgpetrosyan.livejournal.com» պլոկէն։ Երուանդ Օտեանի սոյն գրութենէն հատուածներ միայն լոյս տեսած

Having watched "The Battle of Algiers"...

Image
... the movie directed by Gillo Pontecorvo (music by the great Enio Moricone), in 1966, amongst others, reminded me of Otto Rene Castillo - a Guatemalan revolutionary, guerilla fighter and poet. Here's one of his poems, "Satisfaction": The most beautiful thing for those who have fought a whole life is to come to the end and say; we believed in people and life, and life and the people never let us down. Only in this way do men become men, women become women, fighting day and night for people and for life. And when these lives come to an end the people open their deepest rivers and they enter those waters forever. And so they become, distant fires, living, creating the heart of example The most beautiful thing for those who have fought a whole life is to come to the end and say; we believed in people and life, and life and the people never let us down. Castillo, following the 1954 CIA-sponsored coup that overthrew the democratic Guatemalan Arbenz government, went into exile

«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ». ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԲՆԻԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Image
Հռոմի մէջ հոկտեմբեր 8, 9, 10-ին տեղի ունեցաւ բնիկ ժողովուրդներու ոչնչացման եւ ցեղասպանութիւններու յիշատակման նուիրուած եռօրեայ խորհրդաժողով մը։ Խորհրդաժողովը կազմակերպած էր «11 հոկտեմբեր» համախմբումը, որ երրորդ անգամն ըլլալով կ'իրականացնէր նման աշխատանք մը։ Այս տարի առաջին անգամ աշխատանքներուն մէջ ներառուեցան հայկական եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները։ «11 հոկտեմբեր» համախմբումը բաղկացած է Իտալիոյ տարածքին գտնուող զանազան կազմակերպութիւններէ, որոնց աշխատանքի ոլորտը կը հանդիսանայ (հիւսիսային թէ հարաւային) ամերիկեան եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասերու բնիկ ժողովուրդներու պաշտպանութիւնն ու իրաւունքները։ Այս համախմբումը իր աշխատանքները կը կեդրոնացնէ մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութիւններու շուրջ՝ Ժընեւ, Նիւ Եորք եւ այլուր։ Հանդիպման առաջին օրը, մասնակիցները, հիւրերը իրարու ծանօթացման առիթն ունեցան եւ արծարծեցին ցեղասպանութիւններու եւ անոնց յաջորդող ժամանակաշրջաններուն շուրջ նիւթեր, որոնք իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կ'ունենան ժողովուրդներուն ապագայ զարգացման վրայ, եւ որոնք կը մնա

Թալեաթի ահաբեկումը, Սողոմոնի բառերով...

Image
…«Եւ այսօր, ահաւասի՛կ, իմ անկշռելի բարկութիւնս իր բոլոր հուրերը վառեց… Որովհետեւ Ե՛ս եմ, Ե՛ս եմ, Ե՛ս եմ, իմ անունս է Պայքար եւ Վախճանս Յաղթանակ» (Սիամանթօ, «Դարերու վրէժ») Սողոմոն Թեհլիրեան, Մարտ 15, 1921ին, Պերլինի մէջ, իր ատրճանակը ուղղեց Թալեաթին՝ զգետնելով զայն միա՛յն մէկ փամփուշտով: Խօսքը տանք (յապաւումներով) ինքնին Թեհլիրեանին, «Վերյիշումներ» (Մինախորեան Վահան, «Յուսաբեր», Գահիրէ, 1956) ինքնակենսագրական գիրքէն առնուած, իր բառերով նկարագրելով այն ճակատագրական վայրկեանները եւ իր ներքին ապրումները.- «Առաւօտը սովորականից շուտ ելայ. արեւի շաղերը արդէն հասել էին դիմացի շէնքի պատուհանին: Հազիւ էի աւարտել թէյս եւ ուզում էի բազկաթոռը մօտեցնել պատուհանի եզրին՝ երբ յանկարծ դիմացի շէնքի պատշգամում տեսայ Թալեաթին: Քարացայ. նա՞ էր արդեօք: Այո'...Նա մէկ երկու քայլ առաջ անցաւ, ուշադիր զննեց մայթը՝ նախ վեր, ապա վար, ու կարծես ինչ մտքերի ծանրութեան տակ՝ գլուխը կախեց: Ըստ երեւոյթին թեթեւ չէր կեանքը, գործած անպատում ոճրից յետոյ: Յամենայն դէպս, թէեւ անցել էր հինգ վեց տարի, բայց վախը ան