«ՉԱՐԱՇՈՒՔ ԳԻՇԵՐԸ»

«1915 ապրիլի 11 շաբաթ, իրիկուան դէմ, Սարգիս Էֆէնտի Գօչունեան խմբագիրներու սենեակը մտնելով ըսաւ.
- Տղաք, դաշնակցականները կը ձերբակալեն կոր եղեր...
-Ով ձերբակալած են,- հարցուցինք:
-Տպարանատէր Արամ Շահէնը, գրավաճառ Ստեփան Քիւրքչեանը, Հրաչը, յետոյ ուրիշ մէկ քանիներ, որոնց անունը չկրցայ իմանալ:
-Պատճառը ինչ է արդեօք:
-Իբր թե Գարեգին Փաստրմաճեանը հինգ հարիւր ձիաւորներով Էրզրում մտեր ու քաղաքին տիրեր է ու այս լուրը հոս հասնելուն` որոշեր են դաշնակցակնները ձերբակալել:
Լուրը այնքան անհաւատալի էր, որ կարեւորութիւն չտուինք: Իսկ գալով ձերբակալուածներուն` ենթադրեցինք, որ անհատական խնդրի մը համար տարուած են ոստիկանատուն:
Իրիկունը երբ մեկնեցայ խմբագրատունէն, մէկ քանի բարեկամներուս հարցուցի թէ իմացած էին այդ ձերբակալությունները»...

Սոյն հատուածը առնուած է Երուանդ Օտեանի «Չարաշուք գիշերը» գործէն, ուր ան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ ապրիլ 24, 1915-ի եւ անոր յաջորդած մի քանի օրերը։ Հատուածը քաղուած է «http://gevorgpetrosyan.livejournal.com» պլոկէն։

Երուանդ Օտեանի սոյն գրութենէն հատուածներ միայն լոյս տեսած են 1921 թուականին, Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Վերջին լուր» օրաթերթին մէջ։ Թեհրանի մէջ այս տարի հրատարակուած՝ Օտեանի 1915-1923 տարիներու մասին պատմող գիրքին մէջ սոյն ստեղծագործութիւնը ամբողջութեամբ լոյս տեսաւ։

Պատմութիւնը կրճատումներով կարելի է հոս կարդալ.-

Comments

Popular posts from this blog

Պարոն Յովսէփ Նալպանտեանի «Մեր անընդունելի «հայկական» մականունները» գրութեան առթիւ

«Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին.- ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի ժամանակակից գրականութեան հարցը»