Պարոն Յովսէփ Նալպանտեանի «Մեր անընդունելի «հայկական» մականունները» գրութեան առթիւ




Կարդալով պարոն Յ. Նալպանտեանի գրութիւնը «Ազատ Հայ»ի ելեկտրոնային էջերուն մէջ (http://www.azad-hye.net/article/article_view.asp?re=884laz16), ճիշդ հակառակ կարծիքը կ’ուզեմ յայտնել, թէ ինչո՞ւ պէտք չէ մեր մականունները հայացնել, երբ գրած է «մանաւանդ երբ կը խօսինք մեր ազգային դիմագիծի կամ պատկանելիութեան պահպանման ու զարգացման վերաբերող որեւիցէ յոյժ կարեւոր հարցի մը շուրջ»։

Մեր օսմանեան, ռուսական կամ պարսկական ծագումով մականունները անմիջականօրէն առնչուած են մեր պատմութեան հետ, իւրաքանչիւր մականուն, ազգանուն, կենդանի պատմութիւն մը, վաւերագրական մըն է հայ ժողովուրդին համար։

Պիտի ուզէի իմանալ պարոն Նալպանտեանի ապրած երկրին մէջ, իր ոչ հայ շրջանակէն ներս, ներկայիս քանի՞ն իր նախնիներէն եկող մականունին ասպարէզին մէջ է։ Գրելով «Բայց մենք, որպէս Եղեռնի յաջորդող երրորդ եւ չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչներ՝ արդեօք կ՛աշխատի՞նք նոյն գործը, որով կը կոչուէին մեր մեծ նախահայրերը»։ Արդեօ՞ք իւրաքանչիւր համալսարանական, հայ կամ ոչ, իր առաջին գործին հետ, իր հօրմէ ստացած մականունն ալ պէտք է փոխէ, կամ գործի շատ հաւանական փոփոխութեան մը պարագային, կրկի՞ն մականունը պիտի փոխէ։

Գալով մեր «հայկական» ինչպէս կ’ըսուի մականուններուն, արդեօք չե՞նք գիտակցիր որ, մեր պատմութեան, էութեան մէկ ապրող մասնիկներն են անոնք։ Կենդանի փաստ չէ՞ որ, սփիւռքի մեծամասնութիւնը կրելով «...ճեան» մականուն, ո՛ր երկիրն ալ որ գտնուի, թէ ինչո՞ւ օսմանեան-թրքական մականուն կը կրէ... արդեօք բաւարար փաստ չէ՞ որ, անոր մեծ հայրերը ատենին Օսմանեան կայսրութեան մէջ դերձակներ, ներկարարներ, երկաթագործներ, տէր հայրներ, նալպանտներ, եղած են։ Արդեօք այն արհեստաւորներուն յիշատակը, Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, մենք մեր ձեռքով ջնջած չե՞նք ըլլար. չզինե՛նք մեր դիմացինին ձեռքը երբ ան մեզ թուլացնելու ամեն ջանք արդէն կը թափէ։ Ո՞վ կրնայ մեզ վստահեցնել թէ, զանգուածային մականունափոխութիւն մը, ճիշդ հակառակ արդիւնքը պիտի չտայ։ Հիմա անձեր կան որոնք գոնէ կ’ըսեն «մեծ հայրս հայ էր», անոնց գործն ալ դիւրացնենք որ, չփորձեն բացատրել թէ ինչո՞ւ, ի՞նչ պատճառով է հայութենէն իրենց հեռաւորութիւնը։ Արդէն Յովսէփը դարձած է Ժոզէֆ, Պետրոսը՝ Փիթեր, Հրայրը՝ Հարի, իսկ իգական անունները վերանուանումի ալ պէտք չունին, քանի արդէն շատեր յարմարելու կամ նորոյթի համար՝ աւազանէն արդէն կը կոչուին «Սինթիա»ներ, «Նանսի»ներ ու «Նաթալի»ներ...։ Մականուններն ալ յարմարցնենք մեր իւրաքանչիւրին ապրած երկրին, եւ Սփիւռքի բանալիները յանձնած ըլլանք…։

Օսմանեան ծագում ունեցող մեր մականունները հայ ժողովուրդի լինելիութեան, էութեան, ինքնութեան, պատկանելիութեան, պատմութեան ու մշակոյթին անբաժան մէկ մասը կը կազմեն. ցոյց կու տան թէ ուրկէ՛ եկած ենք իբրեւ ժողովուրդ, թէ պարտադրուա՛ծ ենք այս մականունները կրելու, առաւել եւս՝ պարտադրուած լքած ենք այն հողերը ուր մեր պապերը իրենց արուեստն ու արհեստը կը բանեցնէին, թէ բաց հաշիւներ ունինք, թէ այդ բոլոր արհեստաւորներուն աշխատանոցները ո՛ւր կը գտնուէին, ու ներկայիս ի՛նչ եղած են, որո՛ւն ձեռքն են, երբ Թուրքիան ներկայիս աշխարհքի մեծագոյն տնտեսութիւններէն մէկն ունենալուն կը յոխորտայ, մեր պապերու ճակտի քրտինքին ու արեան կաթիլին գնով հասած է հոս...

Ո՛չ համաձայն չեմ մեր մականունները հայացնելու...։ Յաջորդ քայլն ի՞նչ պիտի ըլլայ, մեր բառապաշարէն դո՞ւրս հանել պարսկական, յունական, լատինական ծագում ունեցող բառերը, կամ հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքէն դո՞ւրս գալ, մեր այբուբենէն «օ»ն ու «ֆ»ն դո՞ւրս ձգել... արդեօ՞ք պէտք է նոյն հասկացումով, յոյնն ալ «Փափազողլու»ն յունացնէ, սերպը «Քույումճիչ»ը սերպացնէ, կամ Ամերիկայի միացեալ նահանգներու բնակիչը, որ արդէն ցեղերու միախառնման զոհն է հոն, ամերիկացնէ իր մականո՞ւնը։ Ո՛չ, անշուշտ ոչ…։ Այն միա՛կ բանն է որ իրեն կը կապէ իր հեռաւոր հայրենիքին հետ։

Ե՛նք, ինչ որ ե՛նք, մեր անունով ու մականունով, մեր լինելիութեան ու պատկանելիութեան անբաժան մասն են մեր մականունները. համաշխարհայնացման այս օրերուն, ուր ամեն մարդ իր մշակոթը, ճաշը, նուագը եւ սինեման առաջ կը մղէ, ուրիշին հացին կարագը չդառնանք, ճակատաբաց ըսենք թէ ուրկէ՛ եկած ենք... դաստիարակենք, սորվեցնենք ու բացատրենք թէ ինչո՛ւ քրիստոնեայ հայը որ, ծնած է իր պապենական հողերէն դուրս, երրորդ, չորրորդ սերունդի հայը, կը կրէ օսմանեան ծագում ունեցող, իսլամ թրքական-արաբական մականուն...

«Դուրս գալով՝ սահմանափակուած իրավիճակներէ, նախապաշարումներու ստիպողականութիւններէն, յարմարուողականութեան ճնշող զգացումներէն, քանի որ ամեն մէկ գիտակից անհատէ այլեւս կը պահանջուի, մեր կատարած գործողութիւնները դիտել ամբողջ հասարակութեան, ազգային ընդհանուր շահերու տեսանկիւնէն մեկնելով», կը գրէ պարոն Նալպանտեան. ճիշդ ա՛յս պատճառով հեռու մնանք նման վտանգաւոր մօտեցումներէ։

Անձամբ՝ հայացնելու մասին հաւանաբար մտածեմ երբ Ցեղասպանութիւնը ընդունուած է Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիոյ ներկայիս հանրապետութեան կողմէ, յատուցումները վճարուած են, եւ այն հողերը ուր մեր «պոյաճի», «տէմիրճի», «քիւրքճի», «նալպանտ», «պասթրմաճի» եւ «քեպապճի» պապերը իրենց քրտինքն եւ արիւնը ձգած են, իրենց «մարմնի թերութիւններով», «պակսած անդամներով», «մարմնի տարօրինակութիւններով», «սովորութիւններով», «նկարագրով», «արհեստով», «կենդանիներով» ու «ծննդավայրի վերաբերող» մականուններով, ՝ մեր ձեռքերն անցած ըլլան։

Այս տողերը կ’աւարտեմ Հոլանտա - Պելճիքա գնացքին մէջ, ուր ետեւս նստած են երկու թուրքեր եւ կը զրուցեն հոսկէ – հոնկէ, ամբողջովին անգիտակից իրենցմէ մի քանի աթոռ առջեւ եղած մտորումներուն...

Comments

  1. Լա՛ւ գրուած է այս յօդուածը: Կը շնորհաւորենք այս մտորումներուն ետին կանգնած հայ միտքը, որ երեւոյթները կը դիտէ իրենց պատմական, մշակութային եւ պահանջատիրական լայն դիտանկիւնէն:

    ReplyDelete
  2. Սիրելի Պետօ,
    100% համամիտ եմ այս գրութեան... իսկապէս հոս զանազանութիւն մը ի յայտ կու գայ երկու տարբերակներու... մին տակաւին անցեալի վէրքերու դարմանի բուժումի մասսին մտածող եւ անոր հիման վրայ ապագայի ճանապարհը գծող անձի մը իսկ միւսը արդէն իսկ անցեալը մոռցած եւ ո՛չ իսկ ապագային մասին մտածող այլ՝ իր ներկայի վիճակին մասին մտահոգուող անձ մը որ ինքզինք կ'ուզէ կորսնցնել այսօրուայ աշխարհայնացման աշխարհին մէջ... ցաւալի են այդպիսիները... ես կարդացի նախ այն յօդուածը որուն առ ի պատասխան գրուած է սոյն յօդուածը... զարմանքս մեծ է սակայն այսպիսիները շատ շատ են քանի որ տակաւին հեռու են ազգային մեր զգացումներէն ինչպէս նաեւ դատի մը պաշտպան մարդիկ չեն... մենք պէտք չէ ամչնանք իրականութենէն եւ անցեալէն ... եթէ ես Զահթէրեան եմ եւ կամ Չաքմաքեան քանի որ ի՛նչ ալ ըլլամ կը մնամ ՀԱՅ...
    ՀՐԱՅՐ

    ReplyDelete
  3. 36 տարեկան եմ ես. այս տարի իմացայ որ մեծ մեծ հայրս եղած է Մարտիրոսեան եւ, մարտիրոսացուած է 1921-ին Ուրֆայի մէջ։ Ինչո՞ւ ոչ 1915-ին. որովհետեւ եղած է գիւղին միակ հացագործը, եւ պահելով իրեն մինչեւ 1921, տեսնելով որ ալ պէտք չի կայ, որովհետեւ ուրիշներ հացագործներ ալ կան, սպաննած են հրապարակին մօտ։ Մեծ հայրս տեսնելով իր հօր դիակը վախցած է եւ փախած է Պաղտատ. հոն լսելով որ Պէյրութ բարեկամներ կան, անցած է Պէյրութ։ Հոն իրեն հարցուցած են թէ ինչ կ’աշխատիս, ըսած է հացագործ, եւ եղած ենք Հացագործեան։ Իսկ արաբերէնի դժուարութիւններով դարձած ենք «Համագործեան»։
    Պատկերացո՛ւր 36 տարեկանիդ լսես որ, դուն իրականութեան մէջ Մարտիրոսեան ես եւ ոչ Հացագործեան որ, 36 տարիներ գործածած ես։ Ինչ որ է։ Ամերիկայի մէջ եմ եւ ունիմ երկու տղայ.- Կարօտ եւ Դրօ։ Յոյս ունիմ որ օր մը երբ մեծնան եւ հարց տան թէ ինչու իմ անունս Կարօտ է, կամ Դրօ եւ հետաքրքրուին իրենց պատմութեամբ։ Արդէն ես կը ստանամ իմ հոգու հանգստութիւնը եւ կ’ուրախանամ որ այդ կապը – անուն թէ մականուն – որ կը կապէ մեր պատմութեան հետ, դեռ կայ ու գոյութիւն ունի… Ա՜խ, մարդ կայ եւ մարդ կայ…

    ReplyDelete
  4. Հետաքրքիր է նաեւ մատնանշել այն փաստը, որ կան նաեւ հին հայեր անկախ իրենց կորսնցուցեր են հայերէն խօսելու կարողութիւնը, սակայն ամուր կերպով կը պահեն իրենց հայկական ինքնութիւնը՝ մականունը: Կան նաեւ հին հայեր, որոնք բազմակողմանի հայապահպան ճակատներու վրայ պայքարելով հանդերձ, աղաւաղուելով իրենց մականունը. մինջ այժմ ամէն գնով կը պահպանեն հայկական աւանդոյթները եւ ամէնէն կարեւորը...ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՆ եւ ՀԱՒԱՏՔԸ...

    ReplyDelete
  5. Հարիւր տոկոս հետդ եմ, Պետօ։ This type of doctrine of cultural purification is a perfect example of nationalism gone wrong! So dangerous!
    Այս ծայրահեղ մտայնութեան օրինակները կարծես օրէ օր կը շատնան թէ Սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի մէջ։

    ReplyDelete
  6. shad lav hotvadze Bedo. lriv hamatsayn em hedet.

    ReplyDelete

Post a Comment

Popular posts from this blog

«Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին.- ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի ժամանակակից գրականութեան հարցը»

«ՉԱՐԱՇՈՒՔ ԳԻՇԵՐԸ»