Posts

Showing posts from December, 2010

«ՉԱՐԱՇՈՒՔ ԳԻՇԵՐԸ»

« 1915 ապրիլի 11 շաբաթ, իրիկուան դէմ, Սարգիս Էֆէնտի Գօչունեան խմբագիրներու սենեակը մտնելով ըսաւ. - Տղաք, դաշնակցականները կը ձերբակալեն կոր եղեր... -Ով ձերբակալած են,- հարցուցինք: -Տպարանատէր Արամ Շահէնը, գրավաճառ Ստեփան Քիւրքչեանը, Հրաչը, յետոյ ուրիշ մէկ քանիներ, որոնց անունը չկրցայ իմանալ: -Պատճառը ինչ է արդեօք: -Իբր թե Գարեգին Փաստրմաճեանը հինգ հարիւր ձիաւորներով Էրզրում մտեր ու քաղաքին տիրեր է ու այս լուրը հոս հասնելուն` որոշեր են դաշնակցակնները ձերբակալել: Լուրը այնքան անհաւատալի էր, որ կարեւորութիւն չտուինք: Իսկ գալով ձերբակալուածներուն` ենթադրեցինք, որ անհատական խնդրի մը համար տարուած են ոստիկանատուն: Իրիկունը երբ մեկնեցայ խմբագրատունէն, մէկ քանի բարեկամներուս հարցուցի թէ իմացած էին այդ ձերբակալությունները »... Սոյն հատուածը առնուած է Երուանդ Օտեանի «Չարաշուք գիշերը» գործէն, ուր ան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ ապրիլ 24, 1915-ի եւ անոր յաջորդած մի քանի օրերը։ Հատուածը քաղուած է «http://gevorgpetrosyan.livejournal.com» պլոկէն։ Երուանդ Օտեանի սոյն գրութենէն հատուածներ միայն լոյս տեսած

Having watched "The Battle of Algiers"...

Image
... the movie directed by Gillo Pontecorvo (music by the great Enio Moricone), in 1966, amongst others, reminded me of Otto Rene Castillo - a Guatemalan revolutionary, guerilla fighter and poet. Here's one of his poems, "Satisfaction": The most beautiful thing for those who have fought a whole life is to come to the end and say; we believed in people and life, and life and the people never let us down. Only in this way do men become men, women become women, fighting day and night for people and for life. And when these lives come to an end the people open their deepest rivers and they enter those waters forever. And so they become, distant fires, living, creating the heart of example The most beautiful thing for those who have fought a whole life is to come to the end and say; we believed in people and life, and life and the people never let us down. Castillo, following the 1954 CIA-sponsored coup that overthrew the democratic Guatemalan Arbenz government, went into exile

«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ». ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԲՆԻԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Image
Հռոմի մէջ հոկտեմբեր 8, 9, 10-ին տեղի ունեցաւ բնիկ ժողովուրդներու ոչնչացման եւ ցեղասպանութիւններու յիշատակման նուիրուած եռօրեայ խորհրդաժողով մը։ Խորհրդաժողովը կազմակերպած էր «11 հոկտեմբեր» համախմբումը, որ երրորդ անգամն ըլլալով կ'իրականացնէր նման աշխատանք մը։ Այս տարի առաջին անգամ աշխատանքներուն մէջ ներառուեցան հայկական եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները։ «11 հոկտեմբեր» համախմբումը բաղկացած է Իտալիոյ տարածքին գտնուող զանազան կազմակերպութիւններէ, որոնց աշխատանքի ոլորտը կը հանդիսանայ (հիւսիսային թէ հարաւային) ամերիկեան եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասերու բնիկ ժողովուրդներու պաշտպանութիւնն ու իրաւունքները։ Այս համախմբումը իր աշխատանքները կը կեդրոնացնէ մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութիւններու շուրջ՝ Ժընեւ, Նիւ Եորք եւ այլուր։ Հանդիպման առաջին օրը, մասնակիցները, հիւրերը իրարու ծանօթացման առիթն ունեցան եւ արծարծեցին ցեղասպանութիւններու եւ անոնց յաջորդող ժամանակաշրջաններուն շուրջ նիւթեր, որոնք իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կ'ունենան ժողովուրդներուն ապագայ զարգացման վրայ, եւ որոնք կը մնա