«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ». ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԲՆԻԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ















Հռոմի մէջ հոկտեմբեր 8, 9, 10-ին տեղի ունեցաւ բնիկ ժողովուրդներու ոչնչացման եւ ցեղասպանութիւններու յիշատակման նուիրուած եռօրեայ խորհրդաժողով մը։ Խորհրդաժողովը կազմակերպած էր «11 հոկտեմբեր» համախմբումը, որ երրորդ անգամն ըլլալով կ'իրականացնէր նման աշխատանք մը։

Այս տարի առաջին անգամ աշխատանքներուն մէջ ներառուեցան հայկական եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները։ «11 հոկտեմբեր» համախմբումը բաղկացած է Իտալիոյ տարածքին գտնուող զանազան կազմակերպութիւններէ, որոնց աշխատանքի ոլորտը կը հանդիսանայ (հիւսիսային թէ հարաւային) ամերիկեան եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասերու բնիկ ժողովուրդներու պաշտպանութիւնն ու իրաւունքները։ Այս համախմբումը իր աշխատանքները կը կեդրոնացնէ մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութիւններու շուրջ՝ Ժընեւ, Նիւ Եորք եւ այլուր։

Հանդիպման առաջին օրը, մասնակիցները, հիւրերը իրարու ծանօթացման առիթն ունեցան եւ արծարծեցին ցեղասպանութիւններու եւ անոնց յաջորդող ժամանակաշրջաններուն շուրջ նիւթեր, որոնք իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կ'ունենան ժողովուրդներուն ապագայ զարգացման վրայ, եւ որոնք կը մնան ու պիտի մնան այժմէական՝ մինչեւ վերջնական ճանաչում, դատապարտում, հատուցում։

Խորհրդաժողովի զեկուցումները սկսան շաբաթ առաւօտեան, Հռոմի քաղաքապետարանի մշակութային կեդրոնին մէջ։ Կարգով խօսք առին՝ «Իլ Չերքիօ» կազմակերպութեան հիմնադիրներէն Մասիմիլիանօ Կալանթի, որ ներկայացուց «Բնիկ ժողովուրդներու եւ Արեւմուտքի միջեւ բախումը» նիւթը. ան նաեւ «Հնդկական հարցը՝ Քոլոմպոսէն Օպամա» գիրքին հեղինակն է։ Ապա խօսք առաւ Միլանոյի համալսարանի Ամերիկայի հարցերու մասնագէտ, փրոֆ. Ֆրանքօ Մելի, նիւթ ունենալով՝ «Ինչպէ՞ս արդարացնել ու մոռացութեան ենթարկել ցեղասպանութիւն մը»։ Քարլոս Մորակա եւ Վիոլեթա Վալենզուէլա՝ Չիլիի բնիկ մափուչէ հնդիկ ցեղի զաւակներ, ներկայացուցին, թէ ինչպէ՛ս իրենց տարածքները շահագործման կ'ենթարկուին կեդրոնական կառավարութեան կողմէ, եւ թէ՝ ի՛նչ ձեւերով անոնք կը պայքարին տնտեսական շահերու դէմ։ Քարլա Պասու՝ սահմանադրական օրէնսդրութեան ուսումնասիրող, ներկայացուց «Աւստրալիոյ բնիկ ժողովուրդ. անհատական իրաւունքներու ճանաչո՞ւմ, թէ՞ ընկերային համարկում-առանձնացում» նիւթը։

Դադարէն ետք բեմ բարձրացաւ Ֆրանսուազ Քանքինտի՝ «Պենէ Ռուանտա» կազմակերպութեան նախագահ։ Ֆրանսուազ ականատես եղած է Ռուանտայի ջարդերուն եւ իր ընտանիքէն միակ վերապրողն է. ան 14 տարեկանին Իտալիա հաստատուած է եւ տնտեսագիտութիւն ուսանած՝ Միլանոյի համալսարանին մէջ։ Անոր նիւթն էր՝ «Ցեղասպանութեան նախանշաններ»։ Ապա կարգը եկաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ դրժողական քաղաքականութիւնը» նիւթին. Պետօ Տեմիրճեան՝ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի աշխատակից, ներկայացուց սոյն նիւթը՝ կեդրոնանալով Թուրքիոյ պետութեան դրժողական քաղաքականութեան վրայ եւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ պայքարին վրայ։ Ակնարկներ եղան Իտալիոյ կողմէ 2000 թուականին Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին, ինչպէս նաեւ նոյն տարուան՝ Վատիկանի կողմէ ընդունուած բանաձեւին։ Ներկաները «երկու չափ, երկու կշիռ»ի քաղաքականութիւն համարեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութեան մերժումը, երբ 43 նահանգներ արդէն ընդունած են բանաձեւեր՝ դատապարտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ներկայացումներէն ետք առիթ տրուեցաւ հարց-պատասխաններու, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր։

Կիրակի օրուան ծրագիրը կ'ընդգրկէր վիտէօ- երիզներու ցուցադրութիւն։ Այս առիթով ցուցադրուեցաւ Քարլա Կարապետեանին բեմադրած «Սքրիմըրզ» ժապաւէնը, որ մինչեւ վերջին վայրկեան ներկաները գամած պահեց իրենց աթոռներուն վրայ։ «Սքրիմըրզ» առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուէր Հռոմի մէջ այսպիսի ձեռնարկի մը ընթացքին։ Ներկաները բարձր գնահատեցին անոր փոխանցած պատգամը, որ կը դատապարտէ ցեղասպանութիւնները եւ կը կեդրոնանայ պետութիւններու ժխտողական քաղաքականութեանց վրայ ու «Ց» բառի պարին շուրջ (the G word dance), այսինքն այն, ամէն ձեւի բառեր կ'օգտագործուին՝ բացի «Ցեղասպանութիւն» բառէն, որ ինքնին կը կրէ դատապարտելու եւ հատուցելու պատասխանատուութիւնը։ «Սքրիմըրզ»ի ցուցադրութեան հետեւեցաւ զրոյց մը, որ ծրագրուած չէր կազմակերպիչներուն կողմէ եւ կեդրոնացաւ ցեղասպանութեանց այժմէականութեան եւ համատարած ջանքերով դատապարտելու աշխատանքներուն վրայ։

Հանդիպումներէն ետք ներկաները բաժնուեցան այն խոստումով եւ համոզումով, թէ ցեղասպանութիւններու ճանաչման աշխատանքները պէտք է շարունակուին ամբողջ աշխարհի տարածքին, եւ թէ՝ ապագային ալ նման հանդիպումներ պէտք է կազմակերպուին ժողովուրդը տեղեակ պահելու համար ցեղասպանութիւններու այժմէականութեան մասին։

Comments

Popular posts from this blog

Պարոն Յովսէփ Նալպանտեանի «Մեր անընդունելի «հայկական» մականունները» գրութեան առթիւ

«Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին.- ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի ժամանակակից գրականութեան հարցը»

«ՉԱՐԱՇՈՒՔ ԳԻՇԵՐԸ»