Posts

Showing posts from May, 2011

«Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին.- ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի ժամանակակից գրականութեան հարցը»

Հետաքրքրական է որ, այս գրութիւնը, արեւմտահայերէն լեզուին կենսունակութեան մարտահրաւէր - սպառնալիք մը, ցարդ տեղ չէ գտած արեւմտահայ մամլոյ մէջ. բնագիրը անգլերէն է, թարգմանաբար տեսնելով ֆրանսալեզու եւ արեւելահայ լրատուութեան մէջ, որոշեցի ես ինքս թարգմանել յուսալով, որ արեւմտահայ մամլոյ մէջ պիտի հրատարակուի։ Եթէ սխալներ կան՝ ներող եղէք. ո՛չ հայագէտ եւ ո՛չ թարգմանիչ եմ։ Պարզապէս արեւմտահայ լեզուին ապագայով մտահոգ սփիւռքահայ մըն եմ. մաղթեմ այս աշխատանքը խնդրին քննարկման սկիզբ մը կ'ըլլայ։ Պ.Տ. «Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին.- ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի ժամանակակից գրականութեան հարցը» Դալար Շահինեան ( Western Armenian in Peril: UNESCO’s Recognition and the Question of Contemporary Literature in the Exilic Language ) Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են « Critics Forum »-ի, 2010. Այս տարուան (2010, թրգմ.) փետրուարին՝ արեւմտահայերէնը ներառուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ելեկտրոնային աթլաս»-ին ( UNESCO online Atlas of World Languages in Danger )[1] մէջ, վտանգուածութե