Posts

Showing posts from September, 2008

Սերպիա, հայկական հետքերով

For English click here Սերպիոյ պատմութեան մէջ՝ հայկական ներկայութեան առաջին արձանագրութիւնը գրի առնուած է 1212 թուականին, երբ Քոսովոյի ճակատամարտներէն մէկուն ընթացքին՝ հայկական ջոկատ մը մասնակցած է սերպերուն կողքին, ընդդէմ Օսմանեան կայսրութեան բանակներուն։ Մայրաքաղաք Պելկրատի Զեմուն շրջանին մէջ, սերպ ուղղափառ Սուրբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մուտքին, Հայաստանի պետութեան կողմէ խաչքար մը տեղադրուած է, որուն վրայ արձանագրուած են «1212» եւ «1988» թուականները. առաջինը՝ վերոնշեալ պատճառով, իսկ երկրորդը՝ 1988 դեկտեմբերի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, Հայաստան օգնութիւն հասցնող զոհուած սերպ օդաչուներու յիշատակին, որոնց օդանաւը ջախջախուեցաւ Երեւանի մօտերը։ Հոս նշեմ որ, դեկտեմբեր 2008-ինՙ երկրաշարժի 20-ամեակի յիշատակութեան ձեռնարկներուն ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեան հրաւէրով, Երեւան մեկնած եւ յիշատակի արժանացած էին սոյն օդաչուներու ընտանեկան պարագաները։ Աւստրոհունգարական եւ Oսմանեան կայսրութեանց սահմաններուն, Տանիւպ եւ Սաւա գետերու խառնունքին, Պելկրատի ամենագեղեցի