Posts

Showing posts from April, 2011

Պարոն Յովսէփ Նալպանտեանի «Մեր անընդունելի «հայկական» մականունները» գրութեան առթիւ

Կարդալով պարոն Յ. Նալպանտեանի գրութիւնը «Ազատ Հայ»ի ելեկտրոնային էջերուն մէջ ( http://www.azad-hye.net/article/article_view.asp?re=884laz16 ), ճիշդ հակառակ կարծիքը կ’ուզեմ յայտնել, թէ ինչո՞ւ պէտք չէ մեր մականունները հայացնել, երբ գրած է « մանաւանդ երբ կը խօսինք մեր ազգային դիմագիծի կամ պատկանելիութեան պահպանման ու զարգացման վերաբերող որեւիցէ յոյժ կարեւոր հարցի մը շուրջ »։ Մեր օսմանեան, ռուսական կամ պարսկական ծագումով մականունները անմիջականօրէն առնչուած են մեր պատմութեան հետ, իւրաքանչիւր մականուն, ազգանուն, կենդանի պատմութիւն մը, վաւերագրական մըն է հայ ժողովուրդին համար։ Պիտի ուզէի իմանալ պարոն Նալպանտեանի ապրած երկրին մէջ, իր ոչ հայ շրջանակէն ներս, ներկայիս քանի՞ն իր նախնիներէն եկող մականունին ասպարէզին մէջ է։ Գրելով « Բայց մենք, որպէս Եղեռնի յաջորդող երրորդ եւ չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչներ՝ արդեօք կ՛աշխատի՞նք նոյն գործը, որով կը կոչուէին մեր մեծ նախահայրերը »։ Արդեօ՞ք իւրաքանչիւր համալսարանական, հայ կամ ոչ, իր առաջին գործին հետ, իր հօրմէ ստացած մականունն ալ պէտք է փոխէ, կամ գործի