Սերպիա, հայկական հետքերով



For English click here


Սերպիոյ պատմութեան մէջ՝ հայկական ներկայութեան առաջին արձանագրութիւնը գրի առնուած է 1212 թուականին, երբ Քոսովոյի ճակատամարտներէն մէկուն ընթացքին՝ հայկական ջոկատ մը մասնակցած է սերպերուն կողքին, ընդդէմ Օսմանեան կայսրութեան բանակներուն։

Մայրաքաղաք Պելկրատի Զեմուն շրջանին մէջ, սերպ ուղղափառ Սուրբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մուտքին, Հայաստանի պետութեան կողմէ խաչքար մը տեղադրուած է, որուն վրայ արձանագրուած են «1212» եւ «1988» թուականները. առաջինը՝ վերոնշեալ պատճառով, իսկ երկրորդը՝ 1988 դեկտեմբերի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, Հայաստան օգնութիւն հասցնող զոհուած սերպ օդաչուներու յիշատակին, որոնց օդանաւը ջախջախուեցաւ Երեւանի մօտերը։ Հոս նշեմ որ, դեկտեմբեր 2008-ինՙ երկրաշարժի 20-ամեակի յիշատակութեան ձեռնարկներուն ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեան հրաւէրով, Երեւան մեկնած եւ յիշատակի արժանացած էին սոյն օդաչուներու ընտանեկան պարագաները։

Աւստրոհունգարական եւ Oսմանեան կայսրութեանց սահմաններուն, Տանիւպ եւ Սաւա գետերու խառնունքին, Պելկրատի ամենագեղեցիկ ու ամենամեծ զբօսայգիին, Քալեմեկտանի մէջ, որ թրքերէն «ամրոցի հրապարակ» կը նշանակէ, բլուրին վրայ գտնուող հսկայ ամրոցին պատճառով, կը գտնուէր հայկական գերեզմանատունը։ Երբ օսմանցիք կը գրաւեն քաղաքը, ժամանակի ընթացքին կը քանդեն հայկական ու հրէական գերեզմանատուները. ներկայիս մի քանի տապանաքարեր մնացած են միայն, ու սերպերէն լեզուով արձանագրութիւն մը, նշելով թէ մինչեւ 17-րդ դար հոն կը գտնուէր հայկական գերեզմանատուն մը։

Պելկրատի հայկական շրջապտոյտէն (ու թրքական դեսպանատան առջեւէն անցնելէ ետք, ի պատիւ սփիւռքահայ 2 երիտասարդներուն, որոնք 1983 մարտ 10-ին մահափորձի ենթարկեցին թուրք դեսպանը՝ հայկական ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում տալու համար) ետք ժամն հասած էր շատ սպասուած Վալիեւօ այցելութեան։ Մայրաքաղաքէն մօտ 90 քիլոմեթր դէպի հարաւ արեւմուտք, հայերուս համար կենդանի պատմութիւն մը կայ։ Հայկական ներկայութիւնը հոն սկսած է 1890-ական թուականներէն ու կը շարունակուի մինչեւ օրս, եւ ուղղակի կապուած է Թեհլիրեան ընտանիքի պատմութեան։

Ճամբուն ընթացքին, հանրակառքին մէջ, խումբ մը սերպ զինուորներ կային, որոնք երաժշտութիւն մտիկ կ'ընէին ու երգերէն մին էր Սիրուշոյի «Քելէ քելէ»ն, երգուած Պելկրատի մէջ, «Եուրովիժըն»ի իր ելոյթին ընթացքին...

Վալիեւօ, ծովու մակերեսէն 185 մեթր բարձրութեամբ ու մօտ 60 հազար բնակչութեամբ քաղաք մըն է. կը գտնուի Քոլուպարա գետի հովիտին մէջ։ Գետը երկուքի կը բաժնէ քաղաքը, «հին»ի ու «նոր»ի։ Քաղաքի հին բաժնին մէջ մինչեւ օրս կը գտնուի Խաչատուր Թեհլիրեանի խանութ-բնակարանը։

1880-ական թուականներէն սկսեալ, Հայաստանի Կամախ շրջանի տղամարդիկը պալքանեան երկիրներ աշխատելու կ'երթային։ Պանդխտութեան մէջ դրամ վաստակելէ ետք, կը վերադառնային Կամախ։ Անոնց մէջ էր նաեւ Խաչատուր Թեհլիրեան, Սողոմոն Թեհլիրեանի հայրը, որ իր եղբայրներուն՝ Ներսէսի ու Ասատուրի հետ, կը զբաղէր սուրճի առեւտուրով։ Խաչատուր անդամագրուելով Վալիեւոյի առեւտրականներու միութեան, Թեհլիրեան մականունի կողքին կը ստանայ նաեւ «Մարքովիչ» մականունը, իր հօր՝ Մարգարի անուան պատճառով։

Սողոմոն Թեհլիրեան առաջին անգամ 1913-ին Սերպիա կ'երթայ, 17 տարեկան հասակին։ Ան կը ծրագրէր տարի մը պատրաստուիլ ու ապա անցնիլ Պերլին, համալսարանական ուսման համար։ Վրայ կու գայ առաջին համաշխարհային պատերազմը, Թեհլիրեան իր եղբայրներուն ու հօրեղբօրորդիներուն հետ կ'երթայ Թիֆլիս ու կ'անդամագրուի կամաւորական գունդերուն։ Անշուշտ ան աւելի ուշ կ'անցնի Պերլին, ո՛չ թէ ուսման համար, այլ մարտ 15, 1921-ին իրականացնելու Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ իրեն վստահուած՝ հայկական ցեղասպանութեան ջարդարար Թալեաթ փաշայի ահաբեկումը:

Մինչեւ 1915, Թեհլիրեան գերդաստանը Երզնկայի մէջ կը հաշուէր 85 հոգիներ. Ցեղասպանութենէն ետք, Սողոմոնի մեծ եղբօրՙ Միսաքի մէկ աղջիկը, Արմենուհին, միակ փրկուողը կ'ըլլայ։ 10 տարեկան Արմենուհին, 1916-ին ռուսական բանակին ու հայկական գունդերուն Երզնկայ մուտքէն ետք, քիւրտերուն կողմէ հայերուն կը յանձնուի, իբրեւ արդիւնք հայ ղեկավար մարմիններու որդեգրած «մէկ հայ, մէկ ոսկի» քաղաքականութեան, որուն նպատակն էր ապահովել Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու քիւրտերու մօտ ապաստան գտած, կամ բռնի տարուած հայութեան, նամանաւանդ որբերու, վերադարձը։

Մենք առիթն ունեցանք հանդիպելու ու ամբողջ օր մը անցնելու Արմենուհիի թոռան՝ Զաւէն Տէր-Ղազարեանին, տիկնոջՙ Վեսնայի ու զաւկին՝ Գաբրիէլի հետ։

Զաւէն որդին է Ռոստոմի։ Ռոստոմ՝ որդին է ջարդէն փրկուած Արմենուհի Թեհլիրեանի ու կամաւորական գունդերու մարտիկ Միհրան Տէր-Ղազարեանի։ Ռոստոմ, Պելկրատի համալսարանին մէջ տնտեսագիտութեան դասախօս եղած է։ Զաւէն բժիշկ է ու ներկայիս Վալիեւոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։ Ան իր զաւակը Գաբրիէլ անուանած էՙ ի յիշատակ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Տաղի 40 օրերը» գիրքի հերոսին։ Հոս կ'ուզեմ նշել թէ, Զաւէնի հետ զրոյցը արեւմտահայերէն լեզուով կ'ընթանար, որ զիս մեծապէս տպաւորեց. ան ըլլալով Սերպիոյ Վալիեւօ քաղաքի միա՛կ հայ բնակիչը, առանց դպրոցի ու շրջանակի, պահած է իր լեզունՙ հայերէնը։ Զաւէն տակաւին Հայաստան չէ եղած, բայց շատ կ'ուզէ օր մը, անպայման երթալ ընտանիքին հետ։ Հայաստան, պատմակա՛ն Հայաստան, այցելած է իր հայրը, Ռոստոմ, որ Երզնկայ գացած ու տեսած է իրենց պապենական տունը եւ հետը ափ մը հող բերած է Սերպիա։

Զաւէնի հետ այցելեցինք Թեհլիրեան-Տէր Ղազարեան ընտանիքներու գերեզմանատունը, մոմ մը վառելով անոնցՙ Արմենուհիի, Միհրանի, Ռոստոմի, ինչպէս նաեւ Խաչատուր Թեհլիրեանի ու եղբայրներուն, Ասատուրի ու Ներսէսի անթառամ յիշատակներուն։

Շրջագայեցանք նաեւ հին Վալիեւոյի մէջ. անցանք հրապարակէն, տեսանք այն կառոյցները, որոնք խաչատուր Թեհլիրեանի խանութներն ու տուները եղած են. ան նաեւ հիմնադրած էր Վալիեւոյի հայ առեւտրականներու միւթիւնը ու կը տանէր հայապահպան գործունէութիւն։ Խաչատուր Թեհլիրեան մահացած է 1941-ին, Պելկրատ։

Սողոմոն Թեհլիրեան, Թալեաթի ահաբեկումէն ետք այլեւս, անցած է Սերպիա, պսակուած երզնկացի Անահիտ Թաթիկեանի հետ, «որդեգրած» է Մելիքեան մականունը ու զբաղած է հօր նմանՙ սուրճի առեւտուրով, մինչեւ Ֆրեզնօ անցնիլը։ Սողոմոնի երկու որդիներէն մինՙ ջութակահար Շահէն Մելիքեանը, ներկայիս խոր ծերութեան մէջ, կ'ապրի Պելկրատ։

Սերպիա եղած օրերուն, Սողոմոն զինավարժութեան միութեան մը անդամագրուած է, ու կ'ըսեն թէ, ան շատ լաւ նշանառու մը եղած է։ Կ'ըսուի նաեւ թէ, երբ թուրք պաշտօնական անձեր Սերպիա աշխատանքային այցելութեան կ'երթային, ոստիկանութիւնը կը զգուշացնէր որ Թեհլիրեան «խելօք մնայ». ան ալ ժպիտով մը կը պատասխանէր.- ես ընելիքս ըրի...

Ներկայիս Սերպիոյ մէջ փոքր հայկական գաղութ մը գոյութիւն ունի, կազմուած նամանաւանդ Հայստանէն գաղթած հայրենակիցներէ, որոնք հիմնած են «Արմենքա» միութիւնը, որուն միջոցաւ կը տանին իրենց աշխատանքները։ Շնորհակալութիւններ Գոհար Յարութիւնեան Սեքուլիչին, որ մեզ ցոյց տուաւ հայկական Սերպիան։

Comments

Popular posts from this blog

Պարոն Յովսէփ Նալպանտեանի «Մեր անընդունելի «հայկական» մականունները» գրութեան առթիւ

«Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին.- ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի ժամանակակից գրականութեան հարցը»

«ՉԱՐԱՇՈՒՔ ԳԻՇԵՐԸ»