Posts

Թալեաթի ահաբեկումը, Սողոմոնի բառերով...

Image
…«Եւ այսօր, ահաւասի՛կ, իմ անկշռելի բարկութիւնս իր բոլոր հուրերը վառեց… Որովհետեւ Ե՛ս եմ, Ե՛ս եմ, Ե՛ս եմ, իմ անունս է Պայքար եւ Վախճանս Յաղթանակ» (Սիամանթօ, «Դարերու վրէժ») Սողոմոն Թեհլիրեան, Մարտ 15, 1921ին, Պերլինի մէջ, իր ատրճանակը ուղղեց Թալեաթին՝ զգետնելով զայն միա՛յն մէկ փամփուշտով: Խօսքը տանք (յապաւումներով) ինքնին Թեհլիրեանին, «Վերյիշումներ» (Մինախորեան Վահան, «Յուսաբեր», Գահիրէ, 1956) ինքնակենսագրական գիրքէն առնուած, իր բառերով նկարագրելով այն ճակատագրական վայրկեանները եւ իր ներքին ապրումները.- «Առաւօտը սովորականից շուտ ելայ. արեւի շաղերը արդէն հասել էին դիմացի շէնքի պատուհանին: Հազիւ էի աւարտել թէյս եւ ուզում էի բազկաթոռը մօտեցնել պատուհանի եզրին՝ երբ յանկարծ դիմացի շէնքի պատշգամում տեսայ Թալեաթին: Քարացայ. նա՞ էր արդեօք: Այո'...Նա մէկ երկու քայլ առաջ անցաւ, ուշադիր զննեց մայթը՝ նախ վեր, ապա վար, ու կարծես ինչ մտքերի ծանրութեան տակ՝ գլուխը կախեց: Ըստ երեւոյթին թեթեւ չէր կեանքը, գործած անպատում ոճրից յետոյ: Յամենայն դէպս, թէեւ անցել էր հինգ վեց տարի, բայց վախը ան...

Սերպիա, հայկական հետքերով

For English click here Սերպիոյ պատմութեան մէջ՝ հայկական ներկայութեան առաջին արձանագրութիւնը գրի առնուած է 1212 թուականին, երբ Քոսովոյի ճակատամարտներէն մէկուն ընթացքին՝ հայկական ջոկատ մը մասնակցած է սերպերուն կողքին, ընդդէմ Օսմանեան կայսրութեան բանակներուն։ Մայրաքաղաք Պելկրատի Զեմուն շրջանին մէջ, սերպ ուղղափառ Սուրբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մուտքին, Հայաստանի պետութեան կողմէ խաչքար մը տեղադրուած է, որուն վրայ արձանագրուած են «1212» եւ «1988» թուականները. առաջինը՝ վերոնշեալ պատճառով, իսկ երկրորդը՝ 1988 դեկտեմբերի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, Հայաստան օգնութիւն հասցնող զոհուած սերպ օդաչուներու յիշատակին, որոնց օդանաւը ջախջախուեցաւ Երեւանի մօտերը։ Հոս նշեմ որ, դեկտեմբեր 2008-ինՙ երկրաշարժի 20-ամեակի յիշատակութեան ձեռնարկներուն ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեան հրաւէրով, Երեւան մեկնած եւ յիշատակի արժանացած էին սոյն օդաչուներու ընտանեկան պարագաները։ Աւստրոհունգարական եւ Oսմանեան կայսրութեանց սահմաններուն, Տանիւպ եւ Սաւա գետերու խառնունքին, Պելկրատի ամենագեղեցի...