«ՉԱՐԱՇՈՒՔ ԳԻՇԵՐԸ»
« 1915 ապրիլի 11 շաբաթ, իրիկուան դէմ, Սարգիս Էֆէնտի Գօչունեան խմբագիրներու սենեակը մտնելով ըսաւ. - Տղաք, դաշնակցականները կը ձերբակալեն կոր եղեր... -Ով ձերբակալած են,- հարցուցինք: -Տպարանատէր Արամ Շահէնը, գրավաճառ Ստեփան Քիւրքչեանը, Հրաչը, յետոյ ուրիշ մէկ քանիներ, որոնց անունը չկրցայ իմանալ: -Պատճառը ինչ է արդեօք: -Իբր թե Գարեգին Փաստրմաճեանը հինգ հարիւր ձիաւորներով Էրզրում մտեր ու քաղաքին տիրեր է ու այս լուրը հոս հասնելուն` որոշեր են դաշնակցակնները ձերբակալել: Լուրը այնքան անհաւատալի էր, որ կարեւորութիւն չտուինք: Իսկ գալով ձերբակալուածներուն` ենթադրեցինք, որ անհատական խնդրի մը համար տարուած են ոստիկանատուն: Իրիկունը երբ մեկնեցայ խմբագրատունէն, մէկ քանի բարեկամներուս հարցուցի թէ իմացած էին այդ ձերբակալությունները »... Սոյն հատուածը առնուած է Երուանդ Օտեանի «Չարաշուք գիշերը» գործէն, ուր ան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ ապրիլ 24, 1915-ի եւ անոր յաջորդած մի քանի օրերը։ Հատուածը քաղուած է «http://gevorgpetrosyan.livejournal.com» պլոկէն։ Երուանդ Օտեանի սոյն գրութենէն հատուածներ միայն լոյս տեսած ...